2014-04-02 11:24:09

Մար Իգնատիոս Աֆրամ` նորընտիր պատրիարքն է Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ան կը յաջորդէ հանգուցեալ Մար Ինգնատիոս Զագգա Ա.։


Անցեալ 31 մարտին Մար Իգնատիոս Աֆրամ` ընտրուեցաւ որպէս 123-րդ Պատրիարք Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յաջորդելով երջանկայիշատակ Մար Ինգնատիոս Զագգա Աին։
Նորընտիր պատրիարքը նախապէս եղած է առաջնորդը ԱՄՆի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։Ան ծնունդով սուրիացի, Քամիշլի քաղաքէն, ծնած է 3 մայիս 1965-ին։ 1986-ին իր կրօնաւորական ուխտերը կը կատարէ։ Աստուածաբանութեան ուսմունքը կ՛աւարտէ Իրլանտայի Մայնութ Սան Փաթրիք համալսարանին մէջ։ 1996-ին մետրապոլիտ կ'ընտրուի ԱՄՆԻ արեւելեան աշխարհամասին։
Նշենք որ Ասորիները ծագումով Միջամետքէն են. կ'ապրին Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Իրագ, Իրան եւ Թուրքիոյ Հարաւ-արեւելքը։
Նորընտիր պատրիարքը, որուն աթոռը Տամասկոս կը գտնուի, կանչուած է դիմագրաւելու Սուրիոյ զինեալ ողբերգութեան հարցը։ Հալէպի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը Ժորժ Եունան Իպրահիմ մահմետական ծայրայեղներէն արեւանգուեցաւ անցեալ 22 ապրիլ 2013ին մինչ կ'ուղղուէր դէպի Թուրքիա յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոս Պուլոս ալ Եազճիին հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.